2015-03-12 14:59:00

Գերապայծառ Գաբուդօ` Ֆրանչիսկոս Պապին Փոմփէի այցելութիւնը ''յոյս կ՛արծարծէ''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Մամուլին ներկայացնելով Բոմբէի Տիրամօր ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը , նախատեսուած` յառաջիկայ 21 Մարտին, տեղւոյն առաջնորդ Գերապայծառ Գաբուդօ հաստատեց թէ ‘’յոյս արծարծող ուխտագնացութիւն մըն է’’։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կարճ այցելութիւնը Բոմբէի Տիրամօր, ըսաւ գերապայծառ Գաբուդօ պիտի հանդիսանայ կարեւոր պահ մը մեր հաւատացեալներուն։ Աղօթքով եւ ուրախ սրտով կը պատրաստուինք ընդունելու Սրբազան Հայրը։ Ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է ամրապնդելու մեր հաւատքը ու բազմապատկելու մեր յանձնառումը հանդէպ կարօտեալին։ Բոլորին ծանօթ է Սրբազան Քահանայապետին բարեպաշտութիւնը հանդէպ Տիրամօր ու նախընտրութիւնը ս. Վարդարանի աղօթքին։ Ան յաճախ կրկնած է որ մարեմեան վարդարանի աղօթքը միշտ ընկերացած է իր կեանքին։ Բոմբէի մարեմեան սրբավայրը  այցելելով Սրբազան Հայրը ականատես պիտի ըլլայ թէ ինչպէս սրբավայրը ամէն օր մօտէն կը հետեւի աղքատին, հիւանդին ու անպաշտպան մարդոց։ Աղօթքը լաւագոյն եղանակն է երաշխաւորելու մարդկութեան յոյսի նոր հորիզոն մը։

Ֆրանչիսկոս Պապը  Վարդարանի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ պիտի աղօթքէ ապա հանդիպում պիտի ունենայ տառապող հաւատացեալներուն հետ, ներառեալ հիւանդներուն եւ ընչազուրկներուն հետ ու ապա եւ իր հովուական այցելութիւնը կը շարունակէ դէպի Նափոլի։








All the contents on this site are copyrighted ©.